2014-04-07 14:39:55

''Այնտեղ ուր ազգ մը կը զոհուի, կը զոհուի նաեւ անոր Հովիւը''` ըսաւ Հայր Լոմպարտին ի լուր Յիսուսեան Ֆրանզ Վանտէր Լաթի սպաննութեան։


Երկուշաբթի, 7 ապրիլի առաւօտեան, Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ, զինեալ խմբակ մը սպաննած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ `Հոլանտացի Հայր Ֆրանզ Վան տէր Լաթը։ Այս լուրը իմանալով, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտարարեց թէ Հայր Վան տէր Լաթի սպաննութեամբ մահացաւ խաղաղութեան գործիչ մը, որ մեծ քաջութեամբ ու հակառակ դժուար կացութեան , ուզեց հաւատարիմ մնալ սուրիոյ ժողովուրդին, ուր երկար տարիներ` նուիրական հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած էր։
''Այնտեղ ուր ազգ մը կը զոհուի, կը զոհուի նաեւ անոր Հովիւը'' հաստատեց Հայ Լոմպարտին, աղօթքով իր մօտիկութիւն յայտնելով ''այս ցաւի եւ տառապանքի պահուն'', եւ շեշտը դնելով ''միաբանակից եղբօր ցուցաբերած անձնուիրումին եւ Յիսուսի Սիրոյն վկայութեան, մինչեւ մահ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.